Իրաք-(Լրատուական գործակալութիւններ)-Մասրուր Պարազանիի կարծիքով, Իրաքը պէտք է երեք երկիրներու բաժնուի: Պարազանի, որ որդին է Իրաքի Քիւրտիստանի կառավարիչ Մասուտ Պարազանիի, նման յայտարարութիւն կատարելով նկատել տուած է, որ Իրաքի մէջ պատերազմական գործողութիւնները դադար պիտի չունենան այնքան ատեն, որ երկիրը կը շարունակէ կառավարուիլ ներկայ ընթացքով: Ան նաեւ շեշտած է, որ պէտք է ստեղծուին երեք՝ քրտական, շիիթ եւ սիւննի անկախ տարածքներ, որոնք պէտք է ունենան համահաւասար իրաւունքներով կառավարուող մայրաքաղաքներ: Պարազանիի այս առաջարկը նորութիւն չի համարուիր, սակայն առաջին անգամն է, որ Քիւրտիստանի կառավարիչի մակարդակով նման յայտարարութիւն կը կատարուի: Իր կարգին Մասուտ Պարազանի խոր մտահոգութիւն յայտնած է Իրաքի պատերազմական շրջաններուն մէջ տիրող իրադրութեան վերաբերեալ, նկատել տալով, որ Ֆալուժան եւ մօտիկ ապագային Մուսուլը եթէ Տահէշէն ազատագրուին ու անոնց վերաբերեալ յստակ քաղաքականութիւն չըլլայ, ապա այդ շրջաններ դարձեալ պիտի արեան մէջ խեղդուին: Նշենք, որ Քիւրտիստանի խորհրդարանի մէկէ աւելի սիւննի պատգամաւորներ քննադատած են Մասրուր Պարազանիի ըրած յայտարարութիւնները: