image

Մաքրոնի եւ սուրիացի քիւրտերու հանդիպումը վրդովեցուցած է Անգարան

Մաքրոնի եւ սուրիացի քիւրտերու հանդիպումը վրդովեցուցած է Անգարան

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը հինգշաբթի երեկոյեան հանդիպած է քիւրտերու պատուիրակութեան հետ, որոնք կը ներկայացնեն «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» միութիւնը, եւ աջակցութիւն յայտնած է քիւրտական շարժման:


Էլիզէյի պալատի յայտարարութեան մէջ, Մաքրոն իր զրուցակիցներուն վստահեցուցած է, որ Ֆրանսան կ'աջակցի, յատկապէս՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի մէջ անվտանգութիւն հաստատելու համար:

DW.com-ի փոխանցմամբ՝ նախագահի վարչակազմէն հաղորդած են, որ Մաքրոնը կողմ արտայայտուած է Ֆրանսայի եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ Թուրքիոյ եւ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու» միջեւ երկխօսութիւն սահմանելուն:

Անգարայի մէջ ֆրանսացի դեսպանը երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին տեղեկացուցած է Փարիզի մէջ կայացած հանդիպման մասին:

Անգարան, իր հերթին, յայտնած է, որ չ'ընդունիր Մաքրոնի առաջարկը քիւրտերու հետ երկխօսութեան կապակցութեամբ:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղը յայտարարած է, որ աջակցելով քիւրտերուն կը նշանակէ, որ Փարիզը կ'աջակցի Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկիչներուն: