image

Մաքրոն ընդունեց Աունը. Գլխաւոր հարցը Սուրիացի փախստականներն են

Մաքրոն ընդունեց Աունը. Գլխաւոր հարցը Սուրիացի փախստականներն  են

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Էլիզէյ պալատէն ներս ընդունեց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունը: Ըստ Lebanon 24 կայքին, երկու նախագահներու հանդիպումը անցած է սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ, որուն ընթացքին Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի նեցուկը Լիբանանին եւ  լիբանանցիներուն: Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է՛ որ նախագահ Աունի կողմէ բարձրացուած հիմնական օրակարգը  եղած է Լիբանան ապրող սուրիացի փախստականներուն հարցը եւ այդ առումով կողմերը յանգած են այն եզրակացութիւնը, որ այդ հարցը հրատապ է եւ արժանի է մեծ  ուշադրութեան: