Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Էլիզէյ պալատէն ներս ընդունեց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունը: Ըստ Lebanon 24 կայքին, երկու նախագահներու հանդիպումը անցած է սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ, որուն ընթացքին Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի նեցուկը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է՛ որ նախագահ Աունի կողմէ բարձրացուած հիմնական օրակարգը եղած է Լիբանան ապրող սուրիացի փախստականներուն հարցը եւ այդ առումով կողմերը յանգած են այն եզրակացութիւնը, որ այդ հարցը հրատապ է եւ արժանի է մեծ ուշադրութեան: