Վատիկանեան աղբիւրներէ ստանալով իր տեղեկութիւնները` «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը հաղորդեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախկին Եպիսկոպոս Ժոզէֆ Վիսիլոֆսքիի մահուան մասին: Նշենք, որ Եպիսկոպոսը Տօմինիքեան կղզիներու մօտ Վատիկանի ընդհանուր դեսպանն էր, եւ երկու տարի առաջ 2013-ին հեռացուած էր իր պաշտօնէն եւ զրկուած իր կրօնականի տիտղոսէն, երբ տեղեկութիւններ շրջան ըրած էին իր մանկապղծութեան մէջ մեղադրուելուն մասին: Ժոզէֆ Վիսիլոֆսքի ամիսներ առաջ կանգնած էր Վատիկանեան դատարանին առջեւ եւ յառաջիկայ շաբաթներուն երկրորդ անգամ ըլլալով վկայութիւն տալու համար կանգնած էր դատարանին դիմաց: Վիսիլովսքի 67 տարեկան էր: