image

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կրթական Յանձնախումբը հանդիպեցաւ Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդր. Վարժարանի նոր տնօրէնուհիին հետ

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կրթական Յանձնախումբը հանդիպեցաւ Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդր. Վարժարանի նոր տնօրէնուհիին հետ

8 Սեպտեմբեր 2026-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կրթական Յանձնախումբի անդամները՝ ներկայութեամբ փոխ ատենապետ բժ. Նուպար Զաքարեանի եւ խորհրդականներ տիկ. Անի Մարկոսեան Ասլաեանի ու տիար Արմէն Մալաքեանի, հանդիպում ունեցան Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդր. Վարժարանի տնօրէնութեան եւ վարչական կազմին հետ։

Հանդիպման ընթացքին բժ. Նուպար Զաքարեանը ողջունեց վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհի՝ տիկ. Մարիա Շահինեան Նաճարեանը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն՝ ընդգծելով, որ 2026–2027 ուսումնական տարեշրջանը ըլլայ հեզասահ եւ արդիւնաւէտ։

Փոխ ատենապետ Բժ. Զաքարեանը անդրադարձաւ վարժարանիս իւրաքանչիւր վարչական կազմի պատասխանատուութիւններուն ու պարտաւորութիւններուն, շեշտելով որ միասնական աշխատանքով, նուիրումով եւ յանձնառութեամբ, վարժարանս պիտի պահէ իր սրբազան առաքելութիւնը։  

Իր հերթին խօսք առաւ տնօրէնուհի տիկ. Նաճարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան համար եւ հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը։

Հանդիպումը անցաւ ջերմ, կառուցողական եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ։