image

Կլիմայական փոփոխութիւնները լուրջ սպառնալիք են աշխարհին. Ամերիկայի նախկին ԱԳ նախարար

Կլիմայական փոփոխութիւնները  լուրջ սպառնալիք են աշխարհին. Ամերիկայի  նախկին ԱԳ նախարար

«Աշխարհին անհրաժեշտ է «ռազմական ժամանակաշրջանի մտածելակերպ» կլիմայի փոփոխութեան հակազդելու համար»: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ-ի կլիմայի հարցով յատուկ բանագնաց՝ Ճոն Քերին, հաղորդած է Reuters-ը:

 

«Մենք պէտք է ունենանք ինքնատիպ ռազմական ժամանակաշրջանի մտածելակերպ»,-ըսած է Քերին Եւրոպական դրամատան զարգացման մասին համաժողովի ժամանակ՝ կոչ ընելով երկիրներուն, ներառեալ, Միացեալ Նահանգներուն, փոխելու դիւանակալութիւնը (պիւրոքրաթիան) աւելի արագ գործելու համար: «Մենք չենք կրնար թոյլ տալ մեզի 10 տարուայ դատավարութիւն՝ ձեւացնելով, որ կը պատրաստուինք լուծել այդ խնդիրը, այդ պարզապէս տեղի չ'ունենար»:

 

 

Կլիմայական պարտաւորութիւնները կատարելու համար աշխարհին անհրաժեշտ է յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքին ամէն օր տեղակայել աշխարհին մէջ արեւային մարտկոցներու դաշտ: «Մենք այդ կ'ընե՞նք: Մենք նոյնիսկ մօտ չենք անոր»,-ըսած է Քերին:

 

«Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մենք ամէն ժամ արտադրած ենք մէկական B24 կործանիչ Ford Motor Company գործարանին մէջ, ուստի մենք գիտէինք, որ պէտք է այդ ընենք: Այժմ մենք պէտք է արտադրենք արեւային մարտկոցներ նոյն այդ արագութեամբ եւ օգնել տեղակայել զանոնք: Բազմակողմանի զարգացման դրամատուները պէտք է աշխուժացնեն ջանքերը, որպէսզի այդպիսի ներդրումները կարողանան աշխատիլ»: