image

Մանկապղծութեան Մէջ Մեղադրուած Նախկին Եպիսկոպոսը Մահացաւ

Մանկապղծութեան Մէջ Մեղադրուած Նախկին   Եպիսկոպոսը Մահացաւ

Վատիկանեան  աղբիւրներէ ստանալով իր տեղեկութիւնները` «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը  հաղորդեց     Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախկին Եպիսկոպոս   Ժոզէֆ Վիսիլոֆսքիի մահուան մասին: Նշենք, որ Եպիսկոպոսը Տօմինիքեան կղզիներու մօտ Վատիկանի  ընդհանուր դեսպանն էր,     եւ երկու տարի առաջ 2013-ին  հեռացուած էր իր պաշտօնէն եւ զրկուած   իր կրօնականի  տիտղոսէն,   երբ տեղեկութիւններ շրջան ըրած էին իր մանկապղծութեան   մէջ մեղադրուելուն մասին:     Ժոզէֆ Վիսիլոֆսքի ամիսներ առաջ  կանգնած էր Վատիկանեան     դատարանին առջեւ     եւ յառաջիկայ շաբաթներուն  երկրորդ անգամ ըլլալով վկայութիւն տալու համար   կանգնած էր  դատարանին  դիմաց:  Վիսիլովսքի 67  տարեկան էր: