Նոր ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը հանդիպում ունեցաւ աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ՝ ներկայացնելու տարեշրջանի ծրագիրն ու անոնց սպասող աշխատանքները։
14 Սեպտեմբեր 2026-ին, Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ բարձրագոյն արուեստից վարժարաններու տնօրէն Պարոն Կրէկուար Գալուստ հանդիպում մը ունեցաւ 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ՝ վերամուտին ընդառաջ։
Հանդիպումին ներկայ էին երկրորդական բաժնի պատասխանատու տիկին Հասնա Ապու Էլիաս եւ Արուեստիցի վարիչ պարոն Սերժ Հաննա։ Մասնակցեցան ակադեմական եւ արուեստից բաժիններու աւարտական դասարաններու բոլոր աշակերտները։
Հանդիպումին ընթացքին, կրթական պատասխանատուները ներկայացուցին ուսումնական տարեշրջանի ընդհանուր ծրագիրը եւ անդրադարձան նախատեսուած նորութիւններուն՝ յատկապէս աւարտական դասարաններուն վերաբերող աշխատանքներուն մէջ։ Ակադեմական պատրաստութեան զուգահեռ, պիտի կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ եւ խորհրդատուական հանդիպումներ՝ աշակերտներու արտածրագրային հմտութիւններու զարգացման համար։
Պարոն Գալուստ աշակերտներուն կոչ ուղղեց պատասխանատուութեամբ հետեւելու իրենց դասերուն, միաժամանակ աշխուժ մասնակցութիւն բերելու վարժարանի արտադասարանային կեանքին՝ իրենց վերջին տարուան ընթացքին նպաստելու համար դպրոցական միջավայրի առաւել աշխուժացման։ Ան ըսաւ, որ վարժարանը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ աւարտականներուն՝ համալսարանական ուսման եւ մասնագիտական ապագայի ընտրութեան կողմնորոշումի ճամբուն վրայ։
Պարոն տնօրէնը բոլորին մաղթեց յաջող եւ արդիւնաւէտ ուսումնական տարի՝ յոյս յայտնելով, որ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն անոնք կ՚արձանագրեն փայլուն ու պատուաբեր արդիւնքներ եւ վստահ քայլերով կը շարունակեն իրենց համալսարանական կրթութիւնը, գեղեցիկ յիշատակներով նշանաւորուած աւարտական տարիէ մը ետք։