Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ մօտ 700 հազար սուրիացի ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները,ա յս տարուան սկիզբէն ի վեր իրենց երկրի մէջ տիրող պայքարի պատճառով: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:
Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման առընթեր ՄԱԿ-ի մարդասիրական ջանքերը համակարգող Փաուլ Մոմթզիս իր զեկոյցին մէջ յայտարարած է. « Ես շատ մտահոգուած եմ ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով տեղահանուած սուրիացիներու աճող թիւէն, որ արդէն մօտեցած է 700 հազարի»:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Իտլիպի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով աւելի քան 400 հազար մարդ լքած են իրենց տուները, առաւել 133 հազար մարդ տեղահանուած է Արեւելեան Ղութայէն եւ տակաւին ռազմական բռնութիւնը կը շարունակուի Դամասկոսի արուարձանի եւ Սուրիոյ հիւսիս- արեւելեան շրջանին մէջ: