image

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի Սուրիոյ կառավարութեան դէմ ուղղուած բանաձեւը արգելափակուած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վէթոյով

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի Սուրիոյ կառավարութեան դէմ ուղղուած բանաձեւը արգելափակուած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վէթոյով

Ռուսաստանն ու Չինաստանը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրուդին մէջ արգելափակած են 6-ամեայ հակամարտութեան ընթացքին քիմիական զէնքի կիրառման համար մեղադրուող Սուրիոյ կառավարութեան դէմ ուղղուած բանաձեւը, որու ընդունման պարագային սուրիական իշխանութիւններու դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի սահմանուէին:


Ինչպէս կը յայտնէ Reuters-ը, Ռուսի 7-րդ անգամ է, որ կը կիրառէ վէթոյի իր իրաւունքը ու կը փրկէ Սուրիոյ կառավարութիւնը: Մինչ Չինաստանը 6-րդ անգամ ըլլալով կը կիրառէ պաշտօնական Դամասկոսին աջակցող վէթոյի իրաւունքը:


Մեկնաբանելով Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւը՝ Ռուսաստանը նշած է, որ ընդունման պարագային փաստաթուղթը պիտի խանգարէր սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ժընեւեան բանակցութունները:


Նշենք, որ բանաձեւին կողմ քուէարկած է 9 անդամ պետութիւն, սակայն ընդունման համար պէտք է փաստաթուղթի օգտին քուէարկէ առնուազն 9 պետութիւն եւ ոչ մէկ վէթօ չըլլայ մշտական անդամներու՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Ռուսասիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի կողմէ: