Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Ռուսական ռազմական կործանիչներու յայտնի ճարտարագէտներէն համարուող օդաչու՝ Կէորկի Մոսոլովu (ան 92 տարեկան էր):
Յայտնի օդաչուն 1953-1962 թուականներուն ծառայած է MiG Design Office- ի մէջ, ուր փորձարկած է 18 կործանիչներ եւ մասնակցած է MIG-17, MIG-19 եւ MIG-21 ռազմական կործանիչներու փորձարկման, ինչը մեծապէս նպաստած է Խորհրդային ռազմաօդային ուժերու հզօրացման:
Այս մասին հաղորդող «Ալ-Ժատիտ»ը նաեւ կը նշէ, որ մինչեւ այսօր ալ անոր հեղինակած MIG օդանաւները աշխոյժ մասնակցութիւն ունին Սուրիոյ պատերազմին:
Նշենք, որ Կէորկի Մոսոլով 1960 -ին արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման, երբ ան դարձած էր Խորհրդային Միութեան ամէնէն յայտնi ռազմական օդաչուներէն մին:
Ռուս օդանաւորդը պարգեւատրուած է «Կարմիր աստղ» մետալով եւ «Արժանավայել պայքար»ի մետալով: