image

«Մաղթանքս է, որ բոլոր հայ երիտասարդները նպատակասլաց ըլլան». Էլպրուս լեռը նուաճած Նարեկ Փանոսեան

«Մաղթանքս է, որ  բոլոր հայ   երիտասարդները նպատակասլաց ըլլան». Էլպրուս լեռը  նուաճած  Նարեկ Փանոսեան

Լիբանանի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աւարտական կարգի աշակերտներէն, ՀՄԸՄ-ական Նարեկ Փանոսեան վերջերս նուաճում մը կատարած էր, բարձրանալով Եւրոպայի ամէնէն բարձր  Էլպրուս լերան գագաթը՝ հոն պարզելով հայկական եռագոյնը եւ Լիբանանի դրօշակը:

 

«Արեւելք»   այս առթիւ    հարցազրոյց մը   ունեցաւ    Նարեկ  Փանոսեանին հետ։

 

-Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ որոշեցիք Ռուսաստանի նաեւ Եւրոպայի ամենաբարձր լեռը մագլցիլ, ինչպէ՞ս առիք այդ որոշումը:

 

Մարզանքը  շատ կը սիրեմ, Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի վազքի խումբէն կը վազեմ, փինկ-փոնկ կը խաղամ, միշտ մարզանքի մէջ եմ: Նախքան Եւրոպայի ամենաբարձր լեռը բարձրանալը ես մէկ տարի առաջ Լիբանանի լեռներուն վրայ սկսած էի փորձ ընել, հայքինկ ընել եւ շատ սիրեցի այս մարզաձեւը, որովհետեւ միաժամանակ կրնաս ե՛ւ մարզանք ընել, ե՛ւ բնութեան մէջ ըլլալ, քալել: Այս մէկ տարուան ընթացքին Լիբանանի գրեթէ բոլոր լեռները մագլցեցայ եւ ծանօթացայ այս մարզաձեւով զբաղուող շատ մարդոց, որոնցմէ մէկն էր Աւետիս Գալֆայեանը։ Ան  չորս ամիս առաջ յայտարարած էր, թէ Եւրոպայի ամենաբարձր լեռը պիտի մագլցի, ես իր հետ կապուեցայ եւ համաձայնեցանք, որ փորձերս շարունակեմ եւ միանամ իրեն, որպէսզի յուլիսի վերջաւորութեան միասին ճամբորդենք եւ բարձրանանք Եւրոպայի ամենաբարձր լեռը: 

-Մինչ այդ քանի՞ ժամ փորձ կ'ընէիր, ատոր մասին քիչ մը կրնա՞ս պատմել:

Ես շաբաթը հինգ օր կը վազեմ՝ երկուշաբթիէն ուրբաթ, իսկ երկու օր մարմնամարզով  կը զբաղուիմ (ֆիթնես), բացի այդ, ամէն շաբաթավերջ լեռ կը բարձրանամ եւ 10-12 ժամ հոն  ալ փորձ կ'ընեմ:

-Ի՞նչ էր զգացումդ երբ նուաճեցիր բարձր այդ գագաթը, քանի՞ օր տեւեց, ի՞նչ դժուարութիւններէ անցար: 

23 յուլիսին Ռուսաստան  ճամբորդեցինք, 14 ժամ ճամբորդութենէ ետք հասանք Թէսքօլ անունով գիւղ մը, այս գիւղը Էլպրուս լերան ամենամօտ գիւղն է եւ կը գտնուի 2000 մեթր բարձրութեան վրայ, առաջին օրը հոն գիշերեցինք, առտու 5 ժամ թեթեւ «հայք» մը ըրինք, ծանօթացանք գիւղին, բնակչութեան ու անոնց ապրելակերպին, երկրորդ օրը գիւղէն դուրս եկանք եւ բարձրացանք Չէքէճ մաունթըն կոչուող  լեռը, որ 3150 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի, եւ ետ իջանք ու վերադարձանք 2000 մեթրի վրայ գտնուող Թէսքօլ գիւղը, այս բարձրանալ եւ ետ իջնելները յատուկ կ'ընէինք, քանի որ Էլպրուսի 5642 բարձրութեան գագաթը հասնիլ կարենալու համար, մենք նախ պէտք էր մեր մարմինը վարժեցնէինք կլիմայական բարձր  պայմաններուն, որովհետեւ այդ բարձրութեան վրայ շատ աւելի քիչ թթուածին կայ, բաղդատած Լիբանանի, ուրեմն մեր մարմինը վարժեցնելու համար մենք ամէն օր բարձր կը մագլցէինք եւ ցած կը քնանայինք, այս թէքնիքը գործածելով մարմինը աւելի շատ արեան բջիջներ կը շինէ, որպէսզի կարենայ աւելի թթուածին առնել եւ բարձրանալ լեռը:

-Ըսիր, որ ծանօթացաք  Թէսքօլ գիւղի ժողովուրդին, ապրելակերպին, ի՞նչ տպաւորութիւն ստացար, ի՞նչ էր առաջին տպաւորպութիւնդ իրենց մասին:

Ուրեմն, մէկ բանի անդրադարձայ, որ ամբողջ այդ գիւղը իրենց ապրուստը Էլպրուսի շնորհիւ կ'ապահովեն, Էլպրուս բարձրանալու եկող լեռնագնացներուն առեւտուր կ'ընեն, կը սպասարկեն, իրենց ամէն ինչը կապուած է Էլպրուսին հետ, որովհետեւ ամէն մագլցող կու գայ անպայման երկու օր այդ գիւղը կը գիշերէ եւ ետքը կը շարունակէ լեռը բարձրանալ։

-Ինչպէ՞ս էր իրենց շփումը, խօսակցութիւն եղա՞ւ, ի՞նչ էր տրամադրութիւնը:

Ես այնտեղ շատ մարդոց ծանօթացայ, երբ գիտցան որ հայ եմ, շատ ուրախութեամբ ընդունեցին ինծի, իրենք սովորական գիւղական կեանքով կ'ապրին, շատ ուրախութեամբ ընդունեցին մեր լիբանանեան խումբը եւ գիտնալով, որ երկու հայ կայ խումբին մէջ, ալ աւելի ուրախացան:

-Իսկ խումբը քանի՞ հոգիէ կը բաղկանար, եւ բոլորը կրցա՞ն հասնիլ գագաթ:

Մեր խումբը եօթ հոգիէ կը բաղկանար, առաւել Աւետիսը, ընդհանուր ութ հոգի էինք, բոլորն ալ լիբանանցի, եւ այո՛, ամէն մարդ հասաւ գագաթ վերջին օրը:

-Քանի՞ օր տեւեց, ինչպէ՞ս էին ճամբու պայմանները: 

Ընդհանուր եօթ օր տեւեց, ինչպէս ըսի, առաջին երկու օրը Թէսքօլ գիւղին մէջ անցուցինք եւ մօտակայ լեռը բարձրացանք-իջանք, երրորդ օրը արդէն սկսանք Էլպրուս լեռը բարձրանալ եւ նոյն թեքնիքը գործածելով, բարձր մագլցեցաք ու ցած պառկեցանք, որպէսզի մարմիննիս վարժուի այդտեղի նոր պայմաններուն: Ուրեմն երբ  մօտ 3800 մեթր բարձրութեան հասանք, ուր  կը գտնուի Էլպրուսի    կեդրոնը (Base camp), հոնկէ սկսեալ այլեւս ձիւն կար, եւ որպէսզի ձիւնին վրայ կարենանք քալել, յատուկ կօշիկներ՝ «փլասթիք պութս» հագանք, որոնք շատ պաղ շրջաններուն մէջ կը հագուին,  պատրաստուած  են  կերպընկալէ, անոնց վրան յատուկ գամէ պատեան անցուցինք, որպէսզի ձիւնին վրայ չսահինք եւ կարենանք քալել, ճիշդ է այդպիսով կօշիկը աւելի ծանր կը դառնայ, սակայն կ'օգնէ որ լեռը բարձրանաս, որովհետեւ առանց ատոր կարելի չէ բարձրանալ:

-Իսկ 7 օր բարձրանալէ ետք ի՞նչ զգացում ունեցար, երբ ոտք դրիր գագաթին վրայ:

Երբ գագաթին վրայ կոխեցի, ամբողջ յոգնութիւնս մոռցայ: Մասնաւորաբար վերջին օրը շատ երկար էր ճամբան եւ շատ-շատ յոգնեցուցիչ: Մենք ընդհանրապէս բարձրանալ կը սկսէինք առտուան ժամը 3:30-ին եւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Base camp կը հասնէինք, վերջին օրը շատ- շատ յոգնեցուցիչ էր, բայց երբ որ մէկը գագաթ  կը   հասնի, բոլոր դժուարութիւնները  կը մոռնայ։

-Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիս:

Ես կ'ուզէի առաջին նուաճած լեռս Արարատ լեռը ըլլար, բայց  որովհետեւ հիմա Արարատ լերան շրջանին վիճակը լաւ չէ, քիւրտերը թուրքերուն հետ հարց ունին, անոր համար այս տարի չկրցայ բարձրանալ, բայց կը յուսամ, թէ գալ տարի վիճակը լաւ կ'ըլլայ եւ կը մագլցիմ, նպատակս Արարատը նուաճելն է: Որոշած եմ շարունակել «Ալպինիզմ»ը, կը յուսամ, որ կը կարենամ աշխարհի բոլոր բարձր լեռները մագլցիլ եւ գագաթները հասնիլ:

Մաղթանքս է, որ  բոլոր հայ տղաքը նպատակասլաց ըլլան, ինչ ճիւղի մէջ որ ըլլայ՝ մարզական թէ այլ, թող նախաձեռնող ըլլան,  թող չամչնան եւ  գիտնան, որ  նոյնիսկ եթէ իրենց առջեւ դուռ չի բացուիր, իրենք կրնան այդ դուռը բանալ եւ իրենց համար նոր առիթներ ստեղծել եւ հասնիլ իրենց գագաթներուն, անշուշտ պայման չէ այդ մէկը լերան գագաթ ըլլայ :

-Մէջդ բան մը փոխուեցա՞ւ այս գագաթը նուաճելէդ ետք:

Այո, անշուշտ, երբ որ մէկը այս լերան   գագաթը կը  նուաճէ,շատ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ,  որովհետեւ հոն ապրիլը դիւրին բան չէ։