image

Լոս Անճելոսի մէջ հետախուզման տակ եղող պատանին ձերբակալուած է Երեւանի մէջ

Լոս Անճելոսի մէջ հետախուզման տակ եղող պատանին ձերբակալուած է Երեւանի մէջ

1 Յունուարին Լոս Անճելըսի մէջ տղամարդու վրայ յարձակած անչափահասը ձերբակալուած է Հայաստանի մէջ, կը հաղորդէ Los Angeles Times-ը՝ յղում ընելով ոստիկանութեան:

Երեք տղամարդ մեքենայով հետեւած են զոհին, աւելի ուշ, երբ ան կանգ առած է, անոնցմէ մէկը զօրաւոր հարուածած է վարորդի գլխուն։ Տղամարդը կորսնցուցած է գիտակցութիւնը եւ ինկած գետին, իսկ յարձակում գործած անձինք թաքնուած են: Տղամարդը տեղափոխուած է հիւանդանոց, բայց գիտակցութեան չէ եկած, ան մահաքունի մէջ է: Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ կ'աշխատի ԱՄՆ ներքին անվտանգութեան նախարարութեան, Ինթըրփոլի եւ Լոս Անճելըսի շրջանային դատախազութեան հետ՝ անչափահասին ԱՄՆ վերադարձնելու համար: Մէկ այլ կասկածեալ՝ Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, չէ վերադարձուած Հայաստանէն, քանի որ ան յարձակում չէ գործած վարորդի վրայ:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ կը փնտռէ 1 յունուարին տեղի ունեցած յարձակման ներգրաւուած 3 հայ: