Անգարան եւ Մոսկուան կը ցանկան ընդլայնել «Թրքական հոսք» կազատարի շուրջ իրենց համագործակցութիւնը, սակայն վերջերս տեղի ունեցած «լրտեսական վարկածի»ն հետեւանքով անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ, կը գրէ լեհական Biznes Alert հրատարակութիւնը։
Նշուած է, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի ոլորտի աղբիւրներէն՝ Independent Commodity Intelligence Services (ICIS) վերլուծական ընկերութեան ստացած տեղեկութիւններէն յայտնի դարձած է, որ թրքական BOTAS եւ Bosforus Gaz ընկերութիւնները ռուսական «Կազփրոմ»-ին գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած են Սեւ ծովու մէջ կազային հանքավայրերու, կազի գինի եւ թրքական շուկային մէջ անոր տեղափոխման մասին։ Աւելին՝ այս տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ թրքական կողմէն այլ գնորդներ հումքի ինքնարժէքի շուրջ բանակցութիւններ վարած են ռուսական կողմին հետ։
Նաեւ նշուած է, որ եթէ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութիւնը օրէնքի խախտում արձանագրէ, ապա այս ընկերութիւնները ստիպուած կ'ըլլան զրկուիլ գործունէութիւն ծաւալելու արտօնագիրէն։ ICIS-ի հաղորդմամբ՝ ներկայացուած մեղադրանքները, հնարաւոր է, որ բաւարար չհամարուին նման դատավճիռի կայացման համար։
Յայտնի է, որ այս երկու ընկերութիւնները այժմ ահռելի ծաւալներու ներմուծման պայմանագիրներ ունին ռուսական կողմին հետ։
BOTAS, Bosforus Gaz եւ «Կազփրոմ» ընկերութիւնները այս առնչութեամբ հրաժարած են մեկնաբանութիւններ տալէ։