Սոյն պայմանագրով Ռուսաստանը կը ճանչնար Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը Ազգային մեծ ուխտի՝ թրքական ճանչցած բոլոր տարածքներու նկատմամբ։ Թուրքիան, իր հերթին, կը հրաժարէր Բաթումէն` փոխարէնը ստանալով Սուրմալուի գաւառը։ Պայմանագրով հաստատուած է Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը, որ կը գործէ առ այսօր:
Մոսկուայի ռուս-թրքական երկրորդ համաժողովը կայացած է 1921 թուականի 26 փետրուարէն մինչեւ 16 մարտ, Քեմալական Թուրքիոյ եւ խորհրդային հանրապետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով։
Համաժողովին ՌԽՖՍՀ-ն ներկայացուցած են Կէորկի Չիչերինը եւ Ճելալ Քորքմասովը, իսկ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութիւնը՝ Եուսուֆ Քեմալ Պէյը, Ռիզա Նուր Պէյը եւ Ալի Ֆուատ փաշան։ Ազգութիւններու այն ժամանակուան կոմիսար Ստալինի ջանքերու շնորհիւ Չիչերինը վերջնականապէս հրաժարած է մինչ այդ ունեցած հայանպաստ իր դիրքորոշումէն։ Հայաստանի սահմաններու հարցի կապակցութեամբ Չիչերինը յայտարարած է, որ իրենք չեն պնդեր սահմանը Արփաչայէն արեւմուտք եւ Արաքսէն հարաւ անցընելուն։ Այդ կը նշանակէր, որ Թուրքիոյ կ'անցնէին ոչ միայն ամբողջ Կարսի մարզը, այլեւ Սուրմալուի գաւառը, որ երբեք չէր եղած Թուրքիոյ կազմին մէջ։ Սակայն թրքական պատուիրակութիւնը չի բաւարարուիր այդքանով եւ կը պահանջէ, որ Նախիջեւանի մարզը չմնայ Հայաստանին, այլ դրուի Ատրպէյճանի հովանաւորութեան տակ, վերջինս ալ պէտք է պարտաւորուէր ապագային չզիջիլ այդ հովանաւորութիւնը երրորդ պետութեան մը, այսինքն՝ Հայաստանին։