image

Քաղաքացին պետութեան Աստուածն է. Նիկոլ Փաշինեան

Քաղաքացին պետութեան Աստուածն է. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համոզմամբ՝ քաղաքացին կամ քաղաքացիներու ամբողջութիւնը՝ ժողովուրդը, պետութեան Աստուածն է։

Այս մասին ՀՀ վարչապետը նշած է Մարալիկի մէջ՝ Քաղաքացիի օրուան նուիրուած եւ «Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը» խորագիրը կրող դասախօսութեան ժամանակ։

«Պետութեան մեր հայեցակարգով եւ ժողովրդավարութեան հայեցակարգով՝ քաղաքացին պետութեան Աստուածն է կամ աւելի ճիշդ՝ քաղաքացիներու ամբողջութիւնը՝ ժողովուրդն է պետութեան Աստուածը»,-ըսած է վարչապետ Փաշինեանը։

Վարչապետի կարծիքով՝ սա կը նշանակէ, որ ժողովուրդը կը ստեղծէ եւ ստեղծեր է պետութիւնը, հետեւաբար  քաղաքացին այն մարդն է, որ պետութիւն ունենալու կամք ունի։

«Պետութիւնը մի հասկացութիւն է, որի ստեղծումը տեղի է ունենում պարբերաբար, որովհետեւ պետութեան զարգացման ամէն նոր շրջափուլի մեկնարկն, ըստ էութեան, պետութեան ստեղծում է»,-շեշտած է վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեանի բնորոշմամբ՝ ինչպէս քաղաքացին պէտք է սիրէ իր պետութիւնը, այնպէս ալ պետութիւնը պէտք է սիրէ իր քաղաքացին։ Վարչապետի խօսքով՝ պետութեան քայքայումը կը սկսի այն կէտէն, ուր վերոնշեալ բանաձեւը կը խախտուի։

«Քաղաքացին պէտք է ուժեղացնի պետութիւնը, իսկ պետութիւնը պէտք է ուժեղացնի քաղաքացուն»,-շեշտած է ՀՀ վարչապետը։

Փաշինեանի խօսքով՝ իր եւ ՀՀ կառավարութեան համոզմամբ՝ պետութիւնը պէտք է ապահովէ, որ ուսանողները, աշակերտներն ունենան մրցունակ կրթութիւն, որ հնարաւորութիւն կու տայ ունենալ բարեկեցիկ կեանք ապահովող աշխատանք։ Վարչապետի դիտարկմամբ՝ ուժեղ կրնայ ըլլալ  միայն կրթուած մարդը։