2 Ամիս առաջ Լիբանանի նախագահ ընտրուած զօր. Միշէլ Աուն իր արտաքին շրջագայութիւնները սկսաւ այցելելով նախ Սէուտական Արաբիա ու ապա Քաթար: Սիւննի աշխարհի այս երկու որոշիչ մայրաքաղաքները կարեւոր դեր ունեցած էին դիւրացնելու իրանեան քաղաքականութեան «կրողը» համարուող Մարոնիթ զօրավարին Պաապտայի նախագահական պալատ հասնիլը:
Շուրջ երեք տարի թափուր մնալէ ետք Աուն նախագահական պալատ հասաւ շրջանային ուղեծիր մը ունեցող համաձայութեան հիմքով, որուն հիմնական որոշիչ տարրերն էին Թեհրանն ու Րիատը:
Մինչ Իրանի իսլամական հանրապետութեան կողմնակից ուժերը ունենալով երկու առաջնային թեկնածուներ (Աուն եւ Սլէյման Ֆրանժիյէ) բաւական հանգիստ հայացքով հետեւեցան ընթացող բանակցութիւններուն, անդին Րիատ, որ մինչ այդ Աունի անուան դէմ «Վէթո» դրած էր «ծանր ու թեթեւ» ընելով խաղի կշռաքարերը եւ որոշ պայմաններով ընդունեց Աունի թեկնածուութեան առաջադրումը:
Բնականաբար Աուն- Րիատ հիմնական կապը գործող վարչապետ Սաատ Հարիրին է, որուն Աունի անուան առաջադրումէն ետք բոլորին համար կը յստականար, որ Լիբանան պիտի ընտրէ իր 13-րդ նախագահը:
Աուն ըլլալով զինուորական հաստատութեան ՝ լիբանանեան բանակին հաւատարիմ «զաւակ»ը բրակմաթիք է իր կեցուածքներուն մէջ:
Ու հակառակ անոր, որ ան կը համարուի Իրանի «աջ ձեռք» համարուող «Հիզբոլլահ»ի հիմնական դաշնակիցը երեւելի է նաեւ, որ աւելորդ լարում մը կամ ժխտական կեցուածքներ չունի Սէուտական իշխանութեանց դէմ:
Աւելին Աուն շատ լաւ հասկցած է, որ Լիբանանը կառավարելու հիմնական բանալին կը գտնուի Ռիատ- Թեհրան համաձայնութեան առանցքներուն մէջ:
Ճիշդ է, որ այս երկու մայրաքաղաքները բաւական տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական կեցուածքներ ունին կապուած շրջանային կարգ մը տագնապներու, բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ պահպանուած «Սթաթուս քվո»ն կամ խաղաղ իրավիճակը ցոյց տուին, որ հակառակ Սուրիոյ, Իրաքի ու մանաւանդ Եէմէնի մէջ առկայ հակասութիւններուն կարելի է նուզագոյն զիջումներ գործադրել եւ համագործակցութիւնը յաջողութեամբ պսակել Լիբանանի մէջ:
Չմոռնանք նաեւ, որ Լիբանանի անվտանգութեան հարցը կարեւոր օրակարգ է, ոչ միայն շրջանային տէրութեանց այլ նաեւ Ուաշինթընի, Փարիզի եւ Մոսկուայի համար:
Այս նախաբանէն ետք եւ վերադառնալով բուն նիւթին պէտք է նկատել, որ Աունի Րիատ այցելութիւնը կրնայ այլ շեշտադրումներ ալ ունենալ իր մէջ:
Լիբանանի նախագահը իր այս այցով, եթէ առաջին հերթին պիտի հետապնդէ լիբանանեան բանակին Րիատի կողմէ տարի մը առաջ տրամադրուած եւ ապա սառեցուած 3 միլիառ ամերիկեան տոլարի օգնութեան թղթածրարը, չի խանգարեր նաեւ որ Աուն շօշափէ Թեհրանի հանդէպ Րիատի մերձեցման ընդհանուր բազկերակը:
Այս մասին բաւական ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է իրանեան Pars Today (Ֆրանսատառ) կայքը նշելով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ նախագահը կրնայ լաւ միջնորդ մը դառնալ շրջանին մէջ բաւական ազդեցիկ դեր ունեցող երկու տէրութեանց միջեւ:
Այս հանգրուանին ու մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ գրանցուած փոփոխութիւններուն լոյսին տակ Րիատի համար շատ նպատակայարմար է երկխօսութիւն կայացնել Թեհրանին հետ:
Անցնող երկու տարուան դէպքերը եւ մասնաւորապէս Եէմէնի մէջ Սէուտական քաղաքականութեան նահանջը եւ նոյնիսկ զինուորական «պարտութիւն»ը եկան ցոյց տալու, որ շրջանի հարցերու կարգաւորման համար «քէն պահելու» կամ ատելութիւն սերմանելու մօտեցումները օգտակար զէնքեր չեն:
Սէուտցիք մեծ «շոք» ապրեցան, ոչ միայն Հալէպի «անկում»ով այլ նաեւ Անգարայի վարած քաղաքականութեամբ, որ իր ետին ձգելով ՆԱԹՕ-ի հաւատարիմ դաշնակից ըլլալու դրոյթը աչքերը յարեց դէպի Մոսկուա եւ այսօր մաս կը կազմէ Մոսկուա- Թեհրան- Անգարա նորաստեղծ դաշինքին:
Միւս կողմէ յստակ է նաեւ, որ սիւննիներու հիմնական բանբեր Րիատին համար ալ Մոսկուայի հետ համագործակցելու հնարաւորութիւնները առկայ չեն: Ճիշդ է, որ Սէուտցի իշխաններ տարբեր առիթներով հեռաւոր հիւսիս այցելեցին եւ հանդիպումներ ունեցան ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ բայց եւ այնպէս անոնք հոնկէ ստացան մէկ պատգամ, որն է «գացէ՛ք եւ խօսեցէ՛ք Թեհրանի հետ»: Սակայն այս բոլորէն անդին Րիատ մնաց անզիջող եւ ուզեց իր բախտը «փորձել» այս անգամ Եէմէնի մէջ:
Այսօր յստակ է, որ շրջանին մէջ լուծումներու նոր պատուհաններ կը բացուին: Ճիշդ է, որ այս գործընթացներուն առաջատարը ՝ Մոսկուան է, սակայն չի բացառուիր, որ այս բոլորը կը կատարուին ԱՄՆ նոր վարչակազմին հետ լռելեայն համաձայնութեամբ:
Չմոռնանք, որ անցնող տարուան վերջին օրերուն ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի ռուս 35 դիւանագէտներ երկրէն վտարելու որոշումին դիմաց ռուսական կողմը հաւասարկշռուած եւ բաւական ինքնավստահ մօտեցումով հանդէս գալով պահպանեց իր սառնասրտութիւնը եւ հակառակ մօտիկ անցեալին եղած «պատժամիջոց- հակազդեցութիւն ՝ պատժամիջոց»ին խաղէն դուրս գալով անտարբեր կեցուածքով հանդէս եկաւ:
Օպամայի անխելամիտ եւ իրավիճակներուն մէջ իր ազդեցութիւնը կորսնցուցած նախագահի անորոշ քայլերուն դիմաց Վ. Փութին հանրային կարծիքին ըսել ուզեց, որ Մոսկուա- Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները շուտով նոր հուն պիտի մտնեն եւ ճիշդ համարեց չհակազդել ամերիկեան անոպայ վճիռին:
Այստեղ նաեւ պարզ կը դառնայ, որ Րիատ պէտք է աճապարէ իր ընտրանքներուն մէջ:
Ի՞նչն է լաւը Րիատի համար. Պահպանել իր կարծր կեցուածքները կամ երկխօսութեան երթա՞լ Թեհրանի հետ:
Ճիշդ է նաեւ, որ Թեհրանի համար ալ շատ մեծ արժէք չի ներկայացներ Րիատի հետ համաձայնութիւններու նոր ընթացակարգ մը ստեղծելը: Բայց փաստ է, որ Իրան օգտուելով եւ գործի դնելով իր քաղաքական արեւելումի դարաւոր ուղիէն եւ իրանեան յայտնի դիւանագիտական լեզուէն շատ հաւանաբար չմերժէ սեղանի նստիլ սիւննի աշխարհի իրական տէրերուն հետ: Չի բացառուիր այդ մէկը. մանաւանդ, որ միջնորդութիւն կատարողը (զօր. Աուն) կը համարուի Թեհրանի եւ անոր շրջանային քաղաքականութեան հիմնական եւ վստահելի աջակիցներէն մին:
Կրնայ անշուշտ հակառակն ալ պատահիլ եւ այդ պարագային յաւելեալ սրացումներ պիտի ըլլան ՝ Իրաքի ու մասնաւորապէս Եէմէնի մէջ: Սուրիոյ մասին այլ խօսք, որովհետեւ Մոսկուայի ճիգերով կազմուած նոր երակողմ «դաշինք»ը մինչեւ այս պահը կը համարուի անկոտրելի ու անոր առաջարկներն ու գծած ճանապարհային քարտէզը յաջողութեան մեծ հաւանականութիւն ունին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին ու նոյնիսկ եթէ նախագահ Աուն չյաջողի միջնորդի դերով հանդէս գալ յստակ է, որ երկու ազդեցիկ մայրաքաղաքներն ալ վճռած են ամէն գնով պահպանել Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:
Հալէպի մէջ եղած դէպքերը եւ սիւննիներու պաշտպանած զինեալներուն պարտութիւնը անուրանալի փաստ է:
Այդ չէ խնդիրը: Հարցը աւելի խորքային իմաստներ ունի: Հալէպի խրամատներուն դատարկումը եւ այդ զինեալներուն (շուրջ վեց հազար) դէպի Իտլիպ հեռացումը կրնայ նոր հանգրուան մը բանալ սիւննի- շիիթ առանց ատոր ալ բաւական լարուած յարաբերութիւններու ծիրին մէջ:
Սիւննի աշխարհը պատրաստ է՞ մարսել այդ պարտութիւնը եւ նայիլ առաջ: Կամ վեց տարի առաջ սկիզբ եւ Սուրիան Իրանէն «կտրելու» միտուած քաղաքականութեան տապալումէն ետք սիւննի աշխարհը, ի՞նչ ռազմավարութեամբ պիտի «պատասխանէ» այս բոլորին:
Այս հարցադրումներուն մէջ բաւականին մտահոգիչ շերտեր կան, որովհետեւ խաղէն պարտուած հեռացողի հոգեբանութիւնը կրնայ բաւական սուղ նստիլ, ոչ միայն տարածքաշրջանին այլ նաեւ Րիատի հետ քաղաքական սերտ յարաբերութիւններ ունեցող արաբական ծոցի երկիրներուն համար:
Պարզ օրինակ մը տալու համար պէտք է յիշեցնել, որ Անգարայի մէջ ահաբեկչութիւն կատարած թուրք նախկին ոստիկան Ալթընթաշի պարագան (որ առիթ ունեցաւ իր «պատգամ»ը բարձրաձայնելու) ու նաեւ Պոլսոյ սրտին վրայ 1 յունուարին «Րէյնա» գիշարային ակումբին վրայ կատարուած ահաբեկչութիւնը: Երկու ահաբեկչութիւն եւ գործունէութեան մէկ ոճ:
Ու տակաւին յստակօրէն կը բնորոշուի, որ պարտութեան ծանր հարուածին տակ մնացած սիւննի աշխարհի տէրերը, ափ ի բերան մնացին այս դէպքերէն ժամանակ չունին կորսնցնելու, նստելու համար Ռուսաստանի կողմէ կերտուած լուծումներու նոր «լոքոմոթիւ»ը:
Անշուշտ, եթէ իրենք եւս պատրաստ են որոշ զիջումներու:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/ Պոլիս