Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդը Իրանի տարբեր շրջաններուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ 29 մարտին, հակառակ տիրող պատերազմական վիճակին:
Թեհրանի Ս. Սարգիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Մինաս, ինչպէս նաեւ Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագով նշուեցաւ Ծաղկազարդը, մանուկները իրենց մոմերով մասնակից եղան թափօրներուն` խնդրելով Աստուծմէ խաղաղութիւն պարգեւել Իրանին եւ աշխարհին:
Տրուած քարոզներուն մէջ հոգեւոր հայրերը փառք տուին Աստուծոյ, որ, հակառակ շուրջբոլոր տեղացող ռումբերուն, իրանահայ գաղութը նուազագոյն վնասով կրցած է տոկալ: Անոնք աղօթեցին, որ Ծաղկազարդի` եկեղեցւոյ պայծառագոյն տօնին առիթով, Աստուած վերջ տայ տիրող պատերազմական վիճակին, աւերին, քանդումին եւ մահերուն, խաղաղութիւն պարգեւէ բոլորին:

Այցելութիւն` Վիրաւոր Հայորդիներու
29 մարտի երեկոյեան Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի օգնական Առաքել աբեղայ Գատեհճեան եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ այցելեցին պատերազմի առաջին օրերուն վիրաւորուած եւ ապաքինման փուլի մէջ գտնուող զոյգին` Սիլվա եւ Նորիկ Խաչատրեաններուն, որոնց բնակարանն ու ինքնաշարժը մեծապէս վնասուած էր:
Հանդիպման ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան զոյգի ապաքինման վիճակին վերաբերեալ, նաեւ խօսուեցաւ վնասուց հատուցման փուլերուն մասին:
Հայր սուրբը փոխանցեց սրբազան հօր օրհնութիւնը եւ կարեւոր նկատեց Աստուծոյ ապաւինիլն ու յոյսը չկորսնցնելը: