image

Լիբանանի մէջ փակուած են դէպի Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութիւն տանող բոլոր ճանապարհները

Լիբանանի մէջ փակուած են դէպի Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութիւն տանող բոլոր ճանապարհները

Լիբանանի մէջ Հարիրիի հրաժարականին յաջորդած անկայուն վիճակն ու վերջինիս երկիր վերադարձի ժամկէտն անյայտ մնալը առաջնորդեց երկրի քաղաքական ուժերու եւ ժողովուրդի մասնատման: Լիբանանցիներէն ոմանք կողմ են Սէուտական Արաբիոյ ու անոր վարած քաղաքականութեան, միւս մասը պաշտպանելով Իրանը, դէմ կ'արտայայտուին Լիբանանի նկատմամբ սէուտական կողմի վարած քաղաքականութեան:

Վերոնշեալ պայմաններուն բերումով, Լիբանանի մէջ գործող Արաբական Ծոցի ու յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութիւնները օր օրի կ'ուժեղացնեն իրենց անվտանգութեան միջոցառումները:

Յարձակման ենթարկուելու վտանգը, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան շէնքին դիմաց ցոյցերն ու հաւաքները կանխելու նպատակով, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութիւնը դիմած է Լիբանանի մէջ դեսպանութիւններու անվտանգութեան ուժերուն, խնդրելով աւելցնել հսկիչ ոստիկաններու թիւն ու փակել դէպի դեսպանատուն տանող ճանապարհները, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Հակառակ բոլոր միջոցառումներուն, սակայն այնուամենայնիւ ցոյցերու եւ ներքին խառնակութիւններու վտանգը մեծ է, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ քաղաքացիական պատերազմի վերստին բռնկումը կը բխի արտաքին ուժերու շահերէն, ու վերջիններս ոչ մէկ ջանք կը խնայեն երկրի քաղաքացիներուն միջեւ պառակտում առաջացնելու ի խնդիր: