Սիւնիքի շուրջ ստեղծուած մտահոգիչ մթնոլորտը փարատելու ճանապարհին է։
Երէկ ուշ երկոյեան հրապարակուած տեղեկութիւնները այն մասին, որ ատրպէյճանցիք պիտի հեռանան այն հատուածներէն, ուր ապօրինաբար մուտք էին գործած դրական լիցքեր կը հաղորդէ, հակառակ անոր որ մինչեւ այս պահը ՀՀ պաշտօնական մարմիններ ատրպէյճանեան զօրքերու այդ շրջաններէն հեռանալու մասին լուրը պաշտօնապէս չեն հաստատած։
Ի դէպ Սիւնիքի դէպքերը առանձնակի իմաստ կ՚ունէին այն պատճառով, որ մեր երկրի քաղաքական իշխանութիւնները առաջին անգամ ըլլալով եւ անվտանգութեան խնդրով կը դիմէին ՀԱՊԿ-ին ու կ՚ակնկալէին արագ եւ յստակ արձագանգ այդ մարմնէն։
Միւս կողմէ տարուեցան ու հաւանաբար դեռ ալ կը տարուին բազմակողմանի շփումներ ըլլան անոնք Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութինին կամ Ֆրանսայի նախագահ Է. Մաքրոնին հետ։
Այս բոլորին հետ մէկտեղ մէկ բան յստակ է, որ ներկայ պահու դրութեամբ թշնամիին կողմէ ռազմական գործողութիւններ սկսելու հեռանկար մը երեւելի չէ։
Այդ անշուշտ անպայման չի նշանակեր, որ «Սիւնիքի խնդրի» էջը ամբողջապէս փակուեցաւ, պարզ անոր համար որ պայմանաւորուած յետ նոյեմբերեան դրութեան Սիւնիքը յայտնուած է, որպէս հատման կէտ մէկ կողմէ թուրք-ատրպէյճանեան ճակատին, միւս կողմէ ալ Իրանին համար, եւ այդ ճանապարհի խաչաձեւումին մէջ հիմնական դերակատարը այս երկու կողմերու նաւթային պաշարն է, որուն հիմքով ալ մօտիկ ապագային կրնան ձեւաւորուին աշխարահագրական նոր մարտահրաւէրներ։
Գաղտնիք ալ չէ, որ հիմնարար կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի դաշնութեան «խաղաղապահ» դերը, որ վերը նշուած ընդհանուր «խաչաձեւում»ներուն մէջ մինչեւ այս պահը յստակ դիրքորոշում մը բչէ որդեգրած։
Ռուսաստանի համար կարեւորը այս պահուն իր ունեցած եւ ձեռքբերած դիրքի ամրապնդումն է, ու նաեւ այդ դիրքի քաղաքական միաւորի վերածումը, որ կրնայ աւելիով ամրանալ, եթէ վերջնական լուծում տրուի Ղարաբաղի առկախ մնացած կարգավիճակին։
Այս բոլորէն անդին աւելի քան պարզ է, որ ամէնէն աւելի խոցելի դիրքը Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքն է, որ նորութիւն մ՚անգամ չըլլալով կը շարունակէ աւելիով թուլացնել մեր ազգային կամքն ու դիմադրելու ոգին։
Քաղաքական սայթաքում, կամ ընդդիմադիր կեցուածք յայտարարած պիտի չըլլանք, որ Հայաստանի պաշտպանական համակարգը այսօր մի քանի յայտնի պատճառներով դարձած է խոցելի ու այդ խոցելիութիւնը կրնայ արագօրէն աճիլ մեզ դարձնելով անպաշտպան երկիր ու իր ճակատագրին լքուած հասարակութիւն։
Պատասխանատուներ փնտռելու պահն ի հարկէ սարերու ետին չէ, որովհետեւ այն ինչ որ կատարուեցաւ, այն ինչ որ «հրամցուեցաւ» եւ այն ինչ որ որոշուեցաւ եղաւ փակ դռներու ետին ու այդ գործելաոճը այսօր ալ կը շարունակուի, հակառակ մեր գրած համազգային ու ահռելի կորուստներուն։
Կա՞յ փրկութեան ճանապարհ, կ՞այ ի վերջոյ ելք այս թակարդէն, այո՛ կայ եւ այդ ելքը մեր բանակի հզօրացումով պիտի յստականայ, որուն շուրջ ալ պարտաւոր է բոլորուիլ ամբողջ ազգը։
Սիւնիքի հիմնահարցը, տակաւին չէ փակուած, վերջնական խաղաղութեան ժամանակը տակաւին չէ հասած ու այնքան ատեն, որ մենք կը շարունակենք մնալ անմիաբան թշնամին պիտի փորձէ ամէն գնով (յաչս ամբողջ աշխարհի) «տաշել» եւ իւրացնել մեզի համար աշխարհաքաղաքական արժէք ունեցող «Հայոց ողնաշար ՝ Սիւնիք»ի թոյլ օղակները։
«Ա»