image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացուց. Լիբանանի ելեկտրական տագնապը դէպի լուծո՞ւմ

Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացուց. Լիբանանի ելեկտրական տագնապը դէպի լուծո՞ւմ

Երէկ երկար ժամեր տեւած կառավարական նիստի աւարտին, Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացուց երկրի ելեկտրական համակարգին յատկացուած եւ վերջերս մշակուած յատուկ ծրագիրը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած կառավարական նիստը կը նախագահէր Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն:

Ըստ պատրաստուած ծրագրին, երկիրը դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով դուրս պիտի գայ ելեկտրական հոսանքի տագնապէն եւ յառաջիկայ փուլին լիբանանցիներուն պիտի տրամադրուի աւելի քան 20 ժամ ամենօրեայ ելեկտրականութիւն:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի ելեկտրականութեան հսանքի տագնապը նորութիւն չէ եւ այն երկար տարիներու պատմութիւն ունի, իսկ այս նոր ծրագրի մշակումը տեղի ունեցաւ յատկապէս եւրոպական մարմիններու կողմէ Լիբանանի համար նախատեսուած «Սետր» օժանդակութեան սնտուկի խորհրդականներուն կողմէ Լիբանանի վրայ դրուած նախապայմաններու ծիրէն ներս: