Լիբանանի մէջ ծաւալած բողոքի ալիքի սկիզբէն ի վեր կարեւոր եւ երեւելի դեր ունեցան երկրի տարբեր խաւերուն պատկանող ու նաեւ հասարակութեան մէջ աշխոյժ դեր ունեցող կանայք։
Միջազգային լրատուական գործակալութիւններու ուշադրութիւնէն ալ երբեք չվրիպեցաւ կանանց մեծաթիւ մասնակցութեան երեւոյթը եւ այդ մասին հրապարակուեցան ռեբորթաժներ, տեսանիւթեր եւ նոյնիսկ վերլուծական- փորձագիտական յօդուածներ։
Անշուշտ փողոցին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, զարգացումները, մարդկանց վարմունքն ու հակազդեցութիւնը յաճախ ժխտական պատկերներ ալ ստեղծեցին, սակայն այս բոլորի կողքին աւելի քան յստակ էր, որ լիբանանցի կանայք բոլոր առումներով կարողացած են ազատագրուիլ հասարակութեան մէջ անտեսուած, «ճզմուած» կամ նոյնիսկ կեանքի լուսանցներուն վրայ մոռցուած ու լքուած ըլլալու երեւոյթներէն։
Նոյնիսկ եթէ ամբողջապէս չեն ազատագրուած, առնուազն ազատագրումի ճամբուն վրայ են։ Այս բոլորէն բացի «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք տեսանիւթ մը, ուր երկրի ամենատարբեր խաւերու անդամ կանայք իրենց քաջ կեցուածքով մասնակցութիւն բերին Լիբանանի մէջ ծաւալած բողոքի ալիքին, տագնապի առաջին օրերուն, երբ բողոքի գործողութիւնները անկեղծ էին եւ երբ հասարակութեան պահանջներուն համար փողոց իջած մարդիկ հեռու էին հարցերը քաղաքականցնելու վտանգաւոր երեւոյթներէն։
Սա անպայման չի նշանակեր, որ այսօր Լիբանանի մէջ ընթացող գործընթացները ամբողջութեամբ քաղաքականացած են, սակայն բոլորիս համար աւելի քան պարզ է, որ յատկապէս Լիբանանի նման երկրի մը մէջ արտաքին ուժեր եւ նոյնիսկ «սեւ ձեռքեր» ամէն գնով պիտի փորձեն հաւասարութեան, ընկերային արդարութեան, ապահովութեան եւ աւելի լաւ կեանք կերտելու համար փողոց դուրս եկած շարժումը տանիլ դէպի նուազ լուսաւոր, կասկածելի եւ նոյնիսկ «մութ սենեակներ»ու մէջ պատրաստուած եւ «եփուած» ուղղութիւններու։
Կը մնայ յուսալ, որ լիբանանցիք, շարունակեն իրենց ազնիւ պայքարը հասնելու համար իրողապէս ազատ, ինքնիշխան եւ համայնքային ամէն տեսակի ախտերէ զուրկ հասարկութեան մը կերտումի, առանց որուն ալ արդէն քսան օրէ ի վեր ընթացող այս պայքարը կը դառնայ անիմաստ եւ կրնայ ծառայել Լիբանանը քաոսի մէջ տեսնել ուզող արտաքին կողմերու շահերուն։