image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան օդային գօտիին մէջ իսրայէլա-ռուսական բախո՞ւմ

Լիբանանեան օդային գօտիին մէջ իսրայէլա-ռուսական բախո՞ւմ

Լիբանանի հիւսիսային շրջանին օդային գօտիին մէջ, ռուսական ռազմական օդանաւեր խոչընդոտած են «F-16» տիպի իսրայէլեան կործանիչներու ճանապարհը, կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, իսրայէլեան կործանիչներն օրերս պարբերաբար թռիչքներ կը կատարեն Լիբանանի սահմաններէն ներս, այնտեղէն դէպի սուրիական հողեր հրթիռներ արձակելու նպատակով:

Իր հերթին «Russia Today» լրատուական հեռուստակայանը տեսագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ այն ռուսական «Su-34» տիպի կործանիչն է, որուն փորձարկման մեկնարկին մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարը: