image

Լիբանանեան բանակի զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեան վիրաւորուած է «Տահէշ»ի դէմ ընթացող մարտերուն

Լիբանանեան   բանակի       զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեան վիրաւորուած է  «Տահէշ»ի դէմ  ընթացող մարտերուն

Լիբանանեան բանակի  զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեան  վիրաւորուած է երէկ ընթացք  առած  մարտերուն ընթացքին:

Այս  մասին  տեղեկութիւնը տրուած  է   Դիմատետրի   էջերու  կողմէ:

Կը  փոխանցուի  նաեւ,  որ  Կիրակոսեան   վիրաւորուած է  Ռաս Պաալպէքի  մարտերուն ընթացքին եւ ապա   փոխադրուած է  հիւանդանոց: «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով, հայազգի զինուորին  վիճակը կը գնահատուի  բաւարար:

Նշենք, որ լիբանանեան  բանակը երէկ առաւօտ կանուխ     շղթայազերծեց    զինուորական  գործողութիւն՝  «Տահէշ»ի  ահաբեկիչներէն  ազատագրելու համար Ռաս  Պաալպէքի  եւ    Պեքաայի  շրջանները:

Երէկ   տեղի  ունեցած  մարտերուն  ընթացքին  սպաննուած են  «Տահէշ»ի 20 ահաբեկիչներ, իսկ լիբանանեան  բանակի     10 զինուորներ վիրաւորուած են:

Այսօր  առաւօտեան  ժամերէն սկսեալ   մարտերը կը շարունակուին եւ բանակի   ծանր հրետանին   կը հարուածէ   ահաբեկիչներուն  դիրքերը: