Լիբանանեան բանակի զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեան վիրաւորուած է երէկ ընթացք առած մարտերուն ընթացքին:
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Դիմատետրի էջերու կողմէ:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ Կիրակոսեան վիրաւորուած է Ռաս Պաալպէքի մարտերուն ընթացքին եւ ապա փոխադրուած է հիւանդանոց: «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով, հայազգի զինուորին վիճակը կը գնահատուի բաւարար:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտ կանուխ շղթայազերծեց զինուորական գործողութիւն՝ «Տահէշ»ի ահաբեկիչներէն ազատագրելու համար Ռաս Պաալպէքի եւ Պեքաայի շրջանները:
Երէկ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին սպաննուած են «Տահէշ»ի 20 ահաբեկիչներ, իսկ լիբանանեան բանակի 10 զինուորներ վիրաւորուած են:
Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ մարտերը կը շարունակուին եւ բանակի ծանր հրետանին կը հարուածէ ահաբեկիչներուն դիրքերը: