2014 թուականին «Տահէշ»ի կողմէ գերեվարուած զինուորներու ճակատագիրը կը համարուի բացայայտուած: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ կը յայտնեն, որ բանակի զինուորներ սպաննուած են «Տահէշ»ի ձեռամբ եւ անոնց դիակները յայտնաբերուած «Արսէլ» շրջանի լեռնային հատուածներուն մէջ: Կը նշուի, որ յայտնաբերուած դիակներուն թիւը 8-ն է, մինչ աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ «Տահէշ»ի կողմէ գերեվարուած զինուորերուն թիւը 9-ն էր:
Ըստ Only Lebanon կայքին բանակի իններդորդ զինուորը կը կոչուի Ապտըլ Ռահիմ Տիապ եւ վերջինս գերեվարուելէն անմիջապէս ետք հրաժարած է բանակէ եւ այս օրերուն կը գտնուի Ռաքքա քաղաքին մէջ եւ ազդեցիկ պաշտօն մը կը վարէ «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման մէջ: