Պրազիլի Դեմոկրատական ընկերվարական կուսակցութիւնը, որ աւելի քան 20 տարիէ ի վեր երկրի իշխող կուսակցութիւնն է, նախագահի պաշտօնին համար վերընտրած է արմատներով լիբանանցի բժիշկ պատգամաւոր Պութրոս Թոպիան: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Լիբանանցի բժիշկը վերընտրուած է Սաու Փաուլօ նահանգի տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած կուսակցութեան համակիրներու մեծամասնութեան կողմէ: Վերջինս Պրազիլի խոշորագոյն նահանգն է, որուն բնակչութիւնը 45 միլիոն կը կազմէ, այսինքն՝ Պրազիլի բնակչութեան քառորդը: