Լիբանանցի արմատներով ԱՄՆ քաղաքացի Ֆէյրուզ Սահըտ «կը պայքարի» Գոնկրէս մուտք գործելու համար: Այս մասին լուրը տուած է լիբանանեան «Ալ Ժումհուրիյա»ն, նշելով, որ Ֆէյրուզ իր թեկնածուութիւնը պիտի դնէ Միջիկըն նահանգնէն: Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Դեմկորատակն Ֆէյրուզ, եթէ յաղթէ հանրապետական Տիֆ Թրոթին, ապա այն պիտի դառնայ առաջին իսլամ կին գոնկրէսականը:
Կը նշուի նաեւ, որ Ֆէյրուզ կը սերի լիբանանցի ընտանիքէն մը, որ 40 տարի առաջ գաղթած եւ հաստատուած էր ԱՄՆ:
Սահտ ըսած է, որ ինք իր ընտրական քարոզարշաւին նպատակ չունի նախագահ Տանըլտ Թրամբի իսլամներու հանդէպ վարած քաղաքականութեան դէմ ընդդիմադիր ճակատ կազմելու, այլ կ'ուզէ կեդրոնանալ յանուն քաղաքականութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ բոլորին համար օգտակար առաջարկներով հանդէս գալ:
Նշենք, որ ԱՄՆ Գոնկրէսը ունի երկու իսլամ պատգամաւոր, Մինոսոթայէն՝ Քէյթ Էլլիսընը եւ Ինտիանայ նահանգէն Անտրէա Քարսընը:
Սակայն Սահըտի յաղթելու պարագային ան պիտի հանդիսանայ ԱՄՆ Գոնկրէսի առաջին իսլամ կին պատգամաւորը: