Օրերս Երեւանի մէջ սրտի կաթուածի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է արմատներով Թեհրանահայ բժիշկ Վահիկ Ռաթեւոսեան (ճանչցուած՝ Վահիկ Ռաթուս անունով)։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։
Հանգուցեալի համար միշտ ալ էական մնացած է Հայաստան հզօր հայրենիքի վերածելու ամէնօրեայ պայքարը։
Ուսանողական տարիներուն, երբ Թեհրանէն տեղափոխուած է Երեւան աշխոյժ կերպով մասնակցած է Ղարաբաղեան պայքարի համընդհանուր շարժումին: Իսկ ուսման աւարտէն ետք մեկնած է Թեհրան, ուր նոյնպէս աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Հայաստանին ու Արցախին սատարելու ուղղուած իրանահայութեան ճիգերուն։ ։
Անոր գրչին կը պատկանին Ռաթուսի «Ղարաղան» և «Արցախի յուշեր ապագայի համար» գիրքերը, որոնք ընթերցողի դատին կը յանձնեն իր շարժումի օրերուն իր ունեցած ապրումները ու կ՚արտացոլեն պայքարի այդ օրերու ընդհանուր տրամադրութիւններն ու առօրեան։
ՀԺՇ-ի մօտիկ համարուող Վահիկ Ռաթեւոսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր ՝ Թեհրանի Հայոց Ազգային գերեզմանատան մէջ։