image

Ընտրական նոր օրինագիծին համաձայն, կուսակցութեանց խորհրդարան մտնելու շեմը նուազած է

Ընտրական նոր օրինագիծին համաձայն, կուսակցութեանց խորհրդարան մտնելու շեմը նուազած է

ՀՀ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է «ՀՀ Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը: Փաթեթն ընդունուած է միաձայն` 81 կողմ ձայնով:

Նախագիծով պիտի նուազեցուի կուսակցութիւններու համար նախատեսուած շեմերը` 5-էն պիտի դառնայ 4%, իսկ դաշինքներունը` պիտի բարձրացուի: Մինչեւ 3 կուսակցութիւններու պարագային շեմը պիտի դառնայ 8%, իսկ 4 եւ աւելի կուսակցութիւններէ բաղկացած դաշինքներու պարագային` 10 տոկոս:

Օրէնսդրական փաթեթով օրէնքի ուժով պիտի ամրագրուի Հանրային հեռուստաընկերութեամբ նախընտրական բանավէճերու կայացումը, պիտի ընդլայնուի հիմնադրամներէն կատարուող ծախսերու ցանկը, էապէս պիտի նուազեցուի ԱԺ պատգամաւորներու թիւի աւելացման հնարաւորութիւնը:

Առաջինէն երկրորդ ընթերցման ընթացքին նախագիծը լրամշակուած է. կատարուած են որոշ փոփոխութիւններ:

««ՀՀ Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը հեղինակած է «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: Այն ստացած է Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի դրական կարծիքը: