Պէյրութի քաղաքապետ Զիատ Շպիպ յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ըստ որուն Լիբանանի մէջ 6 մայիսին կայանալիք ընտրութիւններուն առթիւ գիշերային ակումբներու տէրերէն կը պահանջուի ընտրութիւններուն նախորդող շաբաթ օրը փակել իրենց ակումբները, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, որոշման հեղինակը Ներքին գործոց նախարարութիւնն է:
Միաժամանակ ճաշարաններու եւ սրճարաններու տէրերէն նոնյպէս պահանջուած է շաբաթ օր կէսգիշերէն ետք ժամը 1-ին փակել իրենց ժամանցի կեդրոններու դռները: