Լիբանանի «Պրիթէլ» գաւառակի վարժարանները այսօրուընէ սկսեալ փակ պիտի պահեն իրենց դռները։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Լիբանանի մասին հրատապ լուրեր հաղորդող «Ալ Ահըտ» էջը։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ տրուած ըլլալով, որ «Քորոնա» ժահրը կրող առաջին հիւանդը, որ եկած էր Իրանէն, նոյն օդանաւուն վրայ կային Պրիթէլ գաւառակի տասնեակ բնակիչներ, որոնք կրօնական բնոյթի այցելութեամբ մեկնած էին Իրան։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հակառակ անոր, որ «Քորոնա»է բռնուած այլ պարագաներ չկան, սակայն Պրիթէլի վարժարաններու պատասխանատուներ նախընտրած են երեք օրով փակ պահել դպրոցները։
Յիշեցնենք, որ Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրի ամէնէն տարածուած շրջանը կը համարուի «Ղոմ» քաղաքը, որն իր էութեամբ կրօնական սրբավայր- քաղաք կը համարուի շիիթներուն համար։