Լիբանան այսօր կը նշէ «Բանակի օր»ը: 1943-ին հիմնադրուած այս հանրապետութեան անվտագութեան հիմնական երաշխիքը երկրի բանակն է: Չպէտք է մոռնալ, որ Լիբանանը հարուածած եւ 25 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմը աւելիով թէժացաւ, երբ արտաքին ու ներքին գործօններու հետեւանքով եւ միջամտութեամբ բանակը ըստ դաւանական տարբերութիւններու կիսուեցաւ: Ապա աւելի ուշ, եւ յատկապէս 1995 թուականէն սկսեալ, բանակը դարձեալ վերակազմակերպեց ինքզինք եւ այսօր ալ կը հանդիսանայ երկրի անվտանգութեան ու ապահովութեան հիմնական երաշխիք: Բանակի այսօրուան հիմնական թիրախը ահաբեկչական այն խմբաւորումներն են, որոնք կը հանդիսանան Սուրիոյ պատերազմի հիմնական բաղադրիչներ: Այդ զինեալներուն դէմ պայքարը երկրի բանակին համար դարձած է առաջնային օրակարգ: Բանակի ընդհանուր հրամանատար Զօր. Ժան Ահուաժի տարբեր առիթներով խօսած է այդ թեմային մասին եւ ըսած, որ իրենց համար ահաբեկիչներու դէմ պայքարը այլընտրանք չունի եւ իրենք մինչեւ վերջ պիտի պայքարին Տահէշի, Ալ Նըսրա ճակատի եւ այլ ռատիքալ խմբաւորումներու դէմ, որոնք սուրիական սահմաններէն Լիբանան ներթափանցելով կը փորձեն ահաբեկչական գործունէութիւն տարածել երկրին մէջ: Տեղին կը համարենք նշել, որ լիբանանեան բանակին մէջ եւս ծառայած են ու դեռ ալ կը ծառայեն հարիւրաւոր հայեր, որոնցմէ շատեր գրաւած են սպայական բարձր պաշտօններ: Լիբանանի բանակը լաւագոյն օղակն է տարբեր համայնքներու «տարրալուծարան» համարուող Լիբանանի համակեցութեան գրաւականին ու բանակի վարքը ցոյց տուած է, որ ազգային շահերը կը պահպանուին միայն փոխհասկացողութեան, իրարըմբռնման եւ օրէնքի ու օրինապահ մարմիններու արդար ուժին փարելու սկզբունքներով: