Լիբանան- Վաղը զուգադիպող Բանակի օրուան առիթով բանակի ընդհանուր հրամանատար Զօր. Ժան Ահուաժի յատուկ ուղերձ մը հրապարկեց, ուր ըսաւ, որ բանակի ուժը կը կայանայ անոր միասնութեան եւ բոլոր կողմերէն մէկ հեռաւորութեան վրայ մնալուն մէջ: Ահուաժի նաեւ ըսաւ, որ Լիբանանեան բանակը անցնող մէկ տարուան ընթագցքին իր արի կեցուածքով եւ բազում զոհողութիւններով յաջողեցաւ դէմ դնել ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներու յարձակումներուն: Բանակի հրամանատարը նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանի անվտանգութեան միակ երաշխիքը բանակն է, որուն շուրջ պէտք է բոլորուին բոլոր կողմերը: