«Foreign Policy» թերթը յայտնած է, որ վերջերս իսրայէլցիներու հետ բոլոր զրոյցները մօտալուտ պատերազմի բռնկման պատճառները կը քննարկեն:
Թերթը նշած է, որ իսրայէլցիները տարբեր առիթներով կը յայտարարեն, որ եթէ «Հըզպալլա» ի հրթիռները շարժէ դէպի Լիբանանի հարաւային սահման, այնժամ Իսրայէլի պատասխանը շատ դաժան պիտի ըլլայ, միաժամանակ վստահեցնելով, որ 2006 թուականին կրած պարտութենէն ետք Իսրայէլ վերանայած է իր ռազմավարական բացթողումներն ու կը պատրաստուի «Հըզպալլա»ի դէմ իր յառաջիկայ հակամարտութեան:
Աղբիւրին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Իսրայէլի հետախուզական ջանքերը կեդրոնացած են իրանեան կողմի «Հըզպալլա»ին տրամադրած զէնքի քանակը ճշդելու վրայ, աւելցնելով, որ Իսրայէլ չի խուսափիր պատերազմէ, հակառակը, ան յոյս ունի, որ կրնայ օգտուիլ Լիբանանի ներկայ կացութենէն:
Թերթին համոզմամբ, թէեւ «Հըզպալլա» Սուրիոյ պատերազմին իր բերած մասնակցութեան շնորհիւ փորձառութիւն շահեցաւ, սակայն նաեւ մեծ վնասներ կրեց, որուն պատճառով չի ցանկար հակամարտութեան մէջ մտնել Իսրայէլի հետ:
Դէպքերուն հետեւելով կարելի է եզրակացնել, թէ պատերազմի բռնկման պարագային, իսրայէլեան բանակը մտադիր է իր ողջ ուժով դուրս գալ «Հըզպալլա»ի դէմ, եւ ըստ տարածուած կարծիքին, այն նման պիտի ըլլայ 1982 թուականի պատերազմին: