Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր վարչութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, յայտնելով, որ իրենք նախատօնական բոլոր պատրաստութիւնները տեսած են ու կոչ կ'ուղղեն ժողովուրդին իրենց յանձնարարութիւններով առաջնորդուիլ, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:
Յայտարաութեան մէջ նշուած է, որ ամանորի նախօրէին ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր վարչութիւնը 100 տոկոսով բարձրացուցած է իր պատրաստուածութիւնը եւ որոշած է գլխաւոր պողոտաներու վրայ առաւել մեծ թիւով ոստիկանութեան աշխատակիցներ կանգնեցնել, նպատակ ունենալով պահպանել քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ու կարգաւորել երթեւեկութիւնը, մանաւանդ աղօթատեղիներու, ճաշարաններու, գիշերային ակումբներու եւ առեւտրական կեդրոններու դիմաց:
Այս առթիւ կոչ ուղղուած է ժողովուրդին հետեւիլ օրէնքին ու զերծ մնալ ոչ օրինաւոր գործողութիւններէ, որոնցմէ ամենավտանգաւորը օդին մէջ կրակոցներ արձակելն է:
Վարչութիւնը կոչ ուղղած է մանաւանդ հետեւիլ ստորեւ նշուած յանձնարարութիւններուն.