image

Կոչ Զգօնութեան Եւ Զօրաշարժի ՌԱԿ- Վերականգնումի Շարժում

Կոչ Զգօնութեան Եւ Զօրաշարժի  ՌԱԿ- Վերականգնումի  Շարժում

Ապրիլի առաջին երկու օրերուն ընթացքին Ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ խախտումները ստացած են նոր աղետալի բնոյթ: 18 հայ զինուորներ մահացած են եւ 35 ուրիշներ՝ վիրաւորուած:

Հայկական ուժերուն կողմէ տարուած ուժեղ հակահարուածը եւ ատրպէյճանական կորուստները երաշխիքներ չեն գոհունակութեան եւ ապահովութեան: Ժամանակն է զգօնութեան եւ զօրաշարժի: Հայաստանի եւ Արցախի բնակիչները առանձինն չեն այս պայքարին մէջ, այլ կը վայելեն համայն հայութեան բարոյական ու գործնական զօրակցութիւնը:

Հայաստանի իշխանութիւններն ու Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռը հանդէս եկած են իրենց ահազանգային կոչերով: Ցեղասպանութիւն տեսած ազգ մը այսօր դարձեալ արիւն կը թափէ միեւնոյն թշնամիներուն՝ թուրքերու եւ ազէրիներու ձեռքով:

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բռնութիւններով եւ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարութիւններով կը գտնուին քաղաքակիրթ մարդկութեան մեղադրանքին ներքեւ: Պարզ է, որ բռնատիրական այդ երկու իշխանութիւնները կը փորձեն արիւնահեղութիւնները տարածել այլ սահմաններէ ներս՝ համաշխարհային հանրային կարծիքը շեղելու թափանցիկ դիտաւորութեամբ:

Զինադուլի այս վերջին  խախտումներուն շուրջ կոչեր հրապարակած են նախագահ Վլատիմիր Փութին, պետական քարտուղար Ճան Քերրի եւ ԵԱՀԽ քարտուղարութիւնը՝ բոլորն ալ համահաւասար կերպով զգուշացնելով երկու կողմերը, ինչ որ բացայայտ քաջալերանք կը նշանակէ նախայարձակ կողմին:

Հայաստանն ու Արցախը այսօր այլեւս երէկուան Օսմանեան ռայաները չեն եւ արցախեան մարտի օրերուն ցուցաբերած են իրենց արիութիւնն ու վճռակամութիւնը իրենց պատմական հողը պաշտպանելու:

Սփիւռքը նոյնպէս քաղաքական հսկայ գործօն մըն է, մանաւանդ եթէ գիտնանք արդիւնազօր կերպով մեր ուժերը համադրելու:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը որ այսօր կը վերադառնայ իր աւանդական առաքելութեան ու շնորհիւ մեր շարժումին իր ձայնը կը միացնէ համայն հայութեան կոչին՝ դատապարտելով թուրք-ազէրիական սադրանքները:

Մինչ այդ մեր զգածուած վշտակցութիւնները կը յղենք նահատակուած զինուորներուն ընտանիքներուն:

Այսօր առիթն է զօրաշարժի ենթարկելու բովանդակ հայութիւնը- Հայաստանն ու Արցախը իրենց զինեալ ուժերով եւ Սփիւռքը իր քաղաքական հնարաւորութիւններով:

Երբ արիւն կը հոսի մեր պատմական հայրենիքի սահմաններուն վրայ ամէն այլ օրակարգ կը զիջի իր կարեւորութիւնը այդ կորուստի դիմաց:

 

            ՌԱԿ Վերականգնումի եւ Միութեան Համախմբում

Վարդան Նազիրեան

Համակարգող

 

 

        Ապրիլ 4, 2016 թ.