Բաղրամեան պողոտայէն երթով Ֆրանսայի հրապարակ իջնող Նիկոլ Փաշինեանին, դիմաւորած է Երեւան քաղաքի վարչութեան Կեդրոնականի բաժնի պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Արամ Յովհաննիսեանը, որ բացատրած է իրեն նախապէս եղած գործողութիւններու հիմքը: Ըստ անոր՝ որոշ մարդիկ բերման ենթարկուած են զուտ երթեւեկութեան կանոններու վերականգնման հիմքով:
Ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ իրենք խաղաղ երթ կ'իրականացնեն:
«ՀՀ հաւաքներու մասին ազատութեան օրէնքի համաձայն մենք երթ կ'ընենք»,-ըսած է ան:
Ոստիկանը նոյնպէս մէջբերած է «Հաւաքներու ազատութեան մասին» ՀՀ օրէնքը եւ նկատել տուած, որ երթուղիի մասին ոստիկանութիւնը պէտք է նախապէս իրազեկուած ըլլայ:
Փաշինեանն ալ հակադարձած է. «Ես մինակ եկած են այս երթին՝ 3 հոգով եւ ոչ զանգուածային, հրապարակային կարգով սկսուած երթն ինքնաբուխ կերպով վերածուած է զանգուածային երթի»:
Կեդրոն համայնքի ոստիկանապետն ալ մէջբերած է «Հաւաքների ազատութեան մասին» օրէնքի միւս յօդուածները. «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի 7-րդ յօդուածի համաձայն, եթէ անձը փաստացի կը կատարէ կազմակերպիչի գործողութիւն, օրէնքի ուժով կը կրէ հաւաքի կազմակերպիչի պարտականութիւնները: Հաւաքներու ղեկավարի պարտականութիւնները սահմանուած են «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի 31-րդ յօդուածով: Ինչ կը վերաբերի շտապ եւ ինքնաբուխ հաւաքներուն, ապա անոնք սահմանուած են «Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքի 27-րդ յօդուածով, նոյնիսկ, եթէ շտապ հաւաքը ունի կազմակերպիչ, որու դերով այս պահուն դուք հանդէս եկած էք, ունի պարտականութիւն` ոստիկանութեան նախապէս իրազեկելու եւ երթի, երթուղիի ու ժամանակացոյցի մասին տեղեակ պահելու»:
Երթի կազմակերպիչ Փաշինեանը նախ նշած է, որ ինքը յայտարարած էր երթի մասին, սակայն նախապէս սահմանուած երթուղի չունի: Ի վերջոյ` Փաշինեանը համաձայնած է ոստիկաններուն հետ եւ պայմանաւորուած ու խոստացած, որ յետայսու, երբ որոշեն երթուղին, տեղեակ կը պահեն ոստիկանութեան:
Յիշեցնենք, որ ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանն ու իր խմբակիցները փակած էին Բաղրամեան պողոտան եւ պահ մը շրջափակած էին Բաղրամեան 26-ը՝ վարչապետի նստավայրը: