Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլական օդուժի հարուածներու հետեւանքով առնուազն 26 մարդ զոհուած է, կը հաղորդէ Detroit News-ը:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր 16 զոհի եւ 50 տուժածի մասին: Մահացածներու շարքին են նաեւ երեք դեռահասներ:
Գործակալութեան տուեալներով՝ անկէ ետք իսրայէլական օդային հարուածներու զոհ դարձած են Կազա բնակող 1 ընտանիքի վեց անդամներ: Այլ տուեալներ չեն հաղորդուիր:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլն ու պաղեստինեան խմբաւորումները հարուածներ կը փոխանակեն՝ 12 նոյեմբերի առաւօտեան Կազայի հատուածին մէջ ռմբակոծութեան հետեւանքով «Իսլամական ճիհատ» խմբաւորման առաջնորդներէն Պահա Ապու Ալ Աթայի սպանութենէն ետք:
Այս ընթացքին Կազայի հատուածէն Իսրայէլի տարածք արձակուած է աւելի քան 250 հրթիռ եւ արկ։ Փոքր ընդմիջումներով հարուածները կը շարունակուին մինչ օրս. Իսրայէլի օդուժը, իր հերթին, հարուածներ կը հասցնէ պաղեստինցիներու կառոյցներուն: