Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կայացած կառավարութեան հերթական նիստի ժամանակ անգամ մը եւս խօսեցաւ կաշառակերութեան դէմ շարունակուելիք պայքարին մասին։
Ան մասնաւորապէս ըսաւ ՝ «Մենք կամ կը պայքարինք կաշառակերութեան դէմ, կամ չենք պայքարիր, որովհետրւ կիսապայքարը ընդունելի չէ: Մենք ունեցած ենք դէպքեր, գիտցած ենք, որ X բարձրաստիճան պաշտօնեան կամ անոր փեսան ապօրինի ձեւով ձեռքբերուած գոյքը վաճառքի հանած են, եւ այդ գոյքը պաշտօնական ձեւակերպուած է ուրիշի անունով: Ըստ էութեան, մենք գիտցած ենք, բայց այնպիսի սահմանափակումներ եղած են օրէնսդրութեամբ, որ մենք պէտք է կամ կոպիտ ապօրինի միջամտութիւն ընէինք, կամ լուռ հետեւէինք, թէ ինչպէս թալանուածը կը թաքցնեն»։
Որոշում ընդունուեցաւ, որ քրէական հետապնդում իրականացնող մարմինները ֆիզիկական կամ իրաւաբանական անձերու վերաբերեալ դրամատնային գաղտնիք կազմող տեղեկութիւնները կրնան ստանալ խուզարկութեան կամ առգրաւման վերաբերեալ դատարանի որոշման հիման վրայ։