Թուրքիոյ հողային կալուածներու արձանագրութեան եւ կալուածագրերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մօտ կը գտնուին 26 երկիրներու հողային կալուածագրեր, որոնք մնացած են Հարաւային Եւրոպայի, Արեւմտեան Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երբեմնի տիրակալ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն: Թուրքիոյ Հողային կալուածներու արձանագրութեան եւ կալուածներու ընդհանուր տնօրէնութեան կատարած դասաւորումն ու հետազօտութիւնը ի յայտ բերած է նշանակալից փաստ մը, որ Օսմանեան կայսրութեան 34-րդ սուլթան եւ Իսլամութեան 113-րդ խալիֆա Ապտիւլ Համիտ Բ-ն (իր կատարած ջարդերուն համար յայտնի, որպէս Կարմիր Սուլթան անունով) սեփականատէրն է 5619 կալուածներու՝ 146 Երուսաղէմի մէջ, 58 Ալմուսի մէջ եւ բազմաթիւ կալուածներ Հալէպի եւ Պոլսոյ մէջ: «Միայն Միջին Արեւելքի մէջ, Ապտիւլ Համիտ ունէր 850 կալուածներ, որոնցմէ ո՛չ մէկը պետութեան կը պատկանէր, այլ իր անձնական սեփականութիւնն էր»,- ըսած է Թուրքիոյ հողային կալուածներու արձանագրութեան եւ կալուածագրերու ընդհանուր տնօրէնութեան արխիւներու պատասխանատու Զէյն Ալ-Ապիտին Թիւրքօղլու: «Թուրք պաշտօնատարներուն յայտնաբերումը նշանակալից է. կրնայ ճամբայ հարթել՝ կալուածները իրենց իսկական սեփականատէրերուն վերադարձնելու բազմաթիւ դատական հոլովոյթներու: Ամէնէն շատ շահագրգռուածներէն են Սուլթան Ապտիւլ Համիտի թոռներն ու ժառանգները, որոնք առիթը ունին Մարդկային իրաւանց դատարան դիմելու եւ այդ կալուածները պահանջելու»,- նշած էԹիւրքօղլու:
«Կալուածները արձանագրելու աշխատանքը գրեթէ ամբողջացած է: Արձանագրութիւններու ուսումնասիրման գրեթէ 97 առ հարիւրը ամբողջացած է: Քննութեան միայն 3 առ հարիւրը կը մնայ անկատար՝ կարգ մը շրջաններու մէջ բախումներուն պատճառով»,- ըսած է Թիւրքօղլու:
«Տարիներու վրայ երկարած դասաւորումը աշխարհի բոլոր կողմերէն հետազօտողներու ուշադրութիւն գրաւած է»:
«Իտալացի, բրիտանացի եւ ամերիկացի բազմաթիւ հետազօտողներ կու գան պատմական հետազօտութիւն կատարելու, սակայն արձանագրութիւնները հետազօտելու համար Թուրքիա եկող հետազօտողներուն մեծամասնութիւնը ճափոնցի են»,- ըսաւ Թիւրքօղլու:
«Այս մարդիկը առիթը ունին քննելու մինչեւ 21 Մարտ 1847 երկարող ժամանակաշրջանի փաստաթուղթերը: Ամէնէն կարեւոր կալուածագրերէն մէկը Այա Սոֆիայինն է: Բայց եւ այնպէս, մեր արխիւը կը պարունակէ կալուածագրեր բազմաթիւ մզկիթներու, ինչպէս Ֆաթիհ մզկիթին եւ Զէյրէք մզկիթին»:
Թիւրքօղլու շեշտած է, որ արխիւին վրայ աշխատանքը սկսած է Թուրկութ Էօզալի ցուցմունքով, որ Թուրքիոյ 19-րդ վարչապետն էր, երբ 1984-ին նախաձեռնեցին հետազօտման հոլովոյթ մը:
«1984ին, Թուրկութ Էօզալ (աւելի ուշ Թուրքիոյ 8-րդ նախագահը) ցուցմունք տուաւ եւ արխիւները բանալով ընթացք տուաւ դասաւորման աշխատանքին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 2004: Ապա անդրադարձանք, որ կարգ մը փաստաթուղթեր սկսած են փճանալ, ուստի սկսանք զանոնք վերանորոգել եւ 2010-ին սկսանք թուայնացած արխիւ մը կազմել»,- եզրակացուած է թուրք պաշտօնեան: