image

Կարեւոր իրագործում Սուրիոյ մէջ. Արեւելեան Ղութան ազատագրուած

Կարեւոր իրագործում Սուրիոյ մէջ. Արեւելեան Ղութան ազատագրուած

«Սանա» լրատուութիւնը յայտնած է, թէ ահաբեկիչները Արեւելեան Ղութայի շրջաններէն իրենց ընտանիքներով հեռացած են դէպի Իտլէպ՝ Արպինի միջանցքով: Անոնց հեռացումով Ճուպարը, Էրպիլը, Զամալքան եւ Այն Թարման ազատագրուած են, հետեւաբար Սուրիական բանակը արձանագրած է նոր  կարեւոր յաղթանակ:

Ան նշած է, որ այս քաղաքներու ազատագրումը կարեւոր եւ հիմնական քայլ մըն է Արեւելեան Ղութայի անվտանգութեան հաստատման համար: