«168 Ժամ»ը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշմամբ, երէկ Գագիկ Թադեւոսեանը ազատ արձակուած է ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնէն:
Կարէն Կարապետեանի միւս որոշումներով՝ Բորիս Դեմիրխանեանն ու Արման Խաչատրեանը նշանակուած են ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարի տեղակալներու պաշտօններուն: «Նշենք, որ Գագիկ Թադեւոսեանը «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան անդամ է»,–կը գրէ թերթը։