image

Կ'անիծուի Ան, Որ Ձեռք Կը Բարձրացնէ Թռչողին Վրայ. Արշաւիր Գաբուճեան

Կ'անիծուի Ան, Որ Ձեռք Կը Բարձրացնէ Թռչողին  Վրայ. Արշաւիր Գաբուճեան

Ժամանակի մը կամ ամեակի մը առջև չէ որ կանգնած եմ, այլ` կենդանագրին կամ մահագրին առջև մարդու մը, որ չըսենք  մեզմէ մէկն էր, այլ պարզապէս ԻՆՔ` Տինքը, որ ես չեմ, դուն չես, այլ միայն ինքը: Երկու հարցում-մտածումներ զիս կը քարացնեն: Անկիւնաքար, թէ՞ անկիւնադա՞րձ. աղաւնի՞, թէ՞ արծիւ...Իյնալէն վերջ, իր տեղը գտնելով քարը կ‘ըլլայ անկիւնաքար, բայց ոչ երբեք անկիւնադարձ: Աղաւնին մորթուած խաղաղութիւնն է, իսկ արծիւը` բանտուած ազատութիւնը: Երկուքին ալ ճակատագիրը մահուանն գինն է, կտակի պէս նուիրական, որ կտակագրին մահով կը դառնայ ի զօրու: Եւ այստեղ է, որ ահա կը մտածեմ տարբերութիւններուն մասին. Հրանդը անկիւնադարձ էր իր կենդանութեամբ և դարձաւ անկիւնաքար իր մահուամբ` ան արծիւ էր իր կենդանութեամբ եւ  դարձաւ աղաւնի իր մահուամբ: Մի՛ անարգէք անկեան քարը, պիտի ըսէր Աւետարանը, քանզի իր բացակայութեամբ կը փլիք: Կ‘անիծուի ան, որ ձեռք կը բարձրացնէ թռչողին վրայ: