Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն ամենատուժած քաղաքի՝ Պերկամոյի դատախազութիւնը բողոքներ ստացած է «Քովիտ-19»-էն մահացածներու հարազատներէն:
Նշուած է, որ 50 մարդ բողոքի դիմում ներկայացուցած է Իտալիոյ մէջ, ուր «Քորոնա» ժահրէն մահացած է աւելի քան 34 000 մարդ:
Նշուած է, որ տեղի դատախազները ներկայ պահին լայնածաւալ հետաքննութիւն կը վարեն երկրով մէկ՝ կապուած առողջապահական ճգնաժամի հետ:
Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 235 561 մարդ, մահացած՝ 34 043-ը: