image

Իտալիա. «Քովիտ»ի զոհ դարձածներու հարազատները դատ կը բանան կառավարութեան դէմ

Իտալիա. «Քովիտ»ի զոհ դարձածներու հարազատները դատ կը բանան կառավարութեան դէմ

Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն ամենատուժած քաղաքի՝ Պերկամոյի դատախազութիւնը բողոքներ ստացած է «Քովիտ-19»-էն մահացածներու հարազատներէն:

Ինչպէս կը յայտնէ France24-ը, «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու հարազատները իշխանութիւնները կը մեղադրեն երկրին մէջ համավարակի դէմ ոչ բաւականաչափ հզօր պայքարի համար:

Նշուած է, որ 50 մարդ բողոքի դիմում ներկայացուցած է Իտալիոյ մէջ, ուր «Քորոնա» ժահրէն մահացած է աւելի քան 34 000 մարդ: 

«Մենք վրէժ չենք ուզեր, մենք արդարութիւն կ'ուզենք»,- ըսած է 31-ամեայ Սթեֆանօ Ֆուսքոն, որուն պապը մարտին մահացած է «Քորոնա» ժահրէն՝ գտնուելով ընկերային խնամքի կեդրոնի մէջ:

Նշուած է, որ տեղի դատախազները ներկայ պահին լայնածաւալ հետաքննութիւն կը վարեն երկրով մէկ՝ կապուած առողջապահական ճգնաժամի հետ:

Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 235 561 մարդ, մահացած՝ 34 043-ը: