Ամերիկացի 14 ծերակուտականներէ բաղկացած երկկուսակցական խումբը (7 հանրապետական եւ 7 դեմոկրատ) նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ կոչ ընելով չեղարկելու «Մեծ քսանեակ»-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Վլատիմիր Փութինին ուղղուած հրաւէրը։
«The Washington Post» պարբերականին համաձայն՝ նախաձեռնութեան հեղինակներն են հանրապետական Ռոճըր Ուիքըրը եւ դեմոկրատ Ճին Շահինը, իսկ ստորագրողներուն շարքին է նաեւ Ծերակոյտի հանրապետականներու նախկին առաջնորդ Միթչ Մաքքոնելը։
Օրէնսդիրները ընդգծած են, որ Ռուսիոյ նախագահի մուտքը ԱՄՆ կրնայ օրինականացնել եւ բնականոնացնել յարաբերութիւնները այն կառավարութեան հետ, որ կը շարունակէ պատերազմը Ուքրանիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ թուլացնել Մոսկուայի՝ հրադադար հաստատելու մղումը։
Բացի այդ, ծերակուտականները յիշեցուցած են, որ Փութինն ու ռուսական պատուիրակութեան անդամները ամերիկեան ուղղակի պատժամիջոցներու տակ կը գտնուին։ Աւելի առաջ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն հաստատած էր, որ հրաւէր ուղարկուած է՝ զայն անուանելով համաշխարհային առաջնորդներուն հետ շփուելու հնարաւորութիւն, իսկ Քրեմլը, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար, նշած էր, որ այցին վերաբերեալ վերջնական որոշում տակաւին չէ կայացուած։
«Մեծ քսանեակ»-ի գագաթնաժողովը նախատեսուած է Դեկտեմբեր 14-15-ին՝ Մայամիի մէջ։