image

Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները հանդիպած են Շուշիի մէջ

Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները հանդիպած են Շուշիի մէջ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Չիքովանի Հոկտեմբեր 2-ին հանդիպած են Շուշիի մէջ՝ եռակողմ հանդիպման շրջածիրէն ներս։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացումը։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն եւ երեք երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման։

Եռակողմ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ երեք երկիրները պարբերաբար կը քննարկեն համատեղ պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։