Ատրպէյճանցի զինծառայողի՝ Հայաստանի տարածք ապօրինի ներթափանցելու դէպքին առնչութեամբ նախաձեռնուած է եւս մէկ քրէական վարոյթ՝ պետական սահմանը ապօրինի հատելու եւ հրազէնի մաքսանենգութեան յատկանիշներով։ Այս մասին կը յայտնէ Գլխաւոր դատախազութիւնը։
Նոր նախաձեռնուած վարոյթը միացուած է դէպքին առնչութեամբ քննուող մայր վարոյթին։
Հոկտեմբեր 1-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած էր, որ սեպտեմբեր 29-ին Ատրպէյճանի զօրամասերէն մէկուն զինծառայողը անյայտ հանգամանքներու մէջ լքած է ծառայութեան վայրը եւ յայտնուած Հայաստանի տարածքին։ Այնուհետեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իրաւասու մարմինները որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած են։
Դատախազութենէն յայտնած են, որ հոկտեմբեր 1-ին, ժամը 14։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինծառայող Նասիմի Մուսաեւ ապօրինի մուտք գործած է Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրի տուներէն մէկը, ուր յայտնաբերուելէ ետք զէնքէ կրակ բացած է։ Կրակոցներուն հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է 1987-ին ծնած կինը, իսկ անոր երկու անչափահաս զաւակները մարմնական վնասուածքներ ստացած են՝ դաստակի կոտրուածք եւ սալջարդ։
Դէպքէն ետք ատրպէյճանցի զինծառայողը փախուստի դիմած է, սակայն նոյն օրը՝ ժամը 15։30-ին, յայտնաբերուած է նոյն փողոցի այլ տան մը մէջ եւ ձերբակալուած։
Վիրաւորուած կինը Սիսիանի բժշկական կեդրոնին մէջ անհրաժեշտ բուժօգնութիւնը ստանալէ ետք տեղափոխուած է Երեւան։
Դէպքին առնչութեամբ Քննչական կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։